| |||
|
|
/Horizon/ 2012-01-26
Արտագաղթը գլխաւոր հիմնախնդիրՀայ մասնագէտներ վերստին ահազանգ կը հնչեցնեն ահագնացող չափերու հասնող արտագաղթին առնչութեամբ: Լրագրողներու հետ վերջերս կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, ազգագրագէտ Աղասի Թաեւոսեան յայտնած է, որ արտագաղթի գլխաւոր պատճառը բնական արձագանգն է երկրին մէջ վարուող տնտեսական քաղաքականութեան: Հայաստանը կը լքէ բնակչութեան բարձր կրթութեան տիրապետող զանգուածը` նպաստելով այլ երկիրներու տնտեսութեան զարգացման: Թադեւոսյանի կարծիքով, անկախութենէն ի վեր իշխանութիւննները զարգացման որեւէ ծրագիր չիրագործեցին: Ժողովրդագիր Ռուբէն Եգանեան, անդրադառնալով Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներուն, կը յայտնէ, թէ քաղաքական աննպաստ կացութեան պատճառով, հաւանական է հայերու արտագաղթ սկսի: Սակայն ան միաժամանակ կը հաստատէ, թէ կը կասկածի որ անոնք Հայաստան հաստատուին: Օրինակ բերելով իրաքահայութեան պարագան` Եգանեան կը յայտնէ, որ Հայաստան հաստատուած է միայն 1000 իրաքահայ ընտանիք, իսկ Իրաքէն գաղթած հազարաւոր այլ ընտանիքներ իրենց կեպանքի նոր հանգրուան ընտրած են տնտեսապէս աւելի զարգացած երկիրներ: Տնտեսական եւ կենցաղային անբարենպաստ պայմաններու բերումով, Հայաստանը լքած ու հեռացած են Ատրպէյճանէն փախստական հայերու մեծամասնութիւնը: Հայաստան ներգաղթած 360 000 ատրպէյճանահայերէն, այսօր մնացած է 60 000-70 000-ը միայն: Ըստ Ռուբեն Եգանեանի` Հայաստանի մէջ ներկայիս կÿապրի 2,8-2,9 միլիոն քաղաքացի: Ըստ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան` 2011 թուականի Հայաստանի բնակչութիւնը կը կազմէր 3 միլիոն 262 հազար անձ, ոչ պաշտօնական տուեալներով` 2,5-2,7 միլիոն: 2011-ին կայացած մարդահամարի արդիւնքները, պիտի հրապարակուին յառաջիկայ Փետրուարին: |
|
|||
²ñËÇõ`
|