Ø»ñ سëÇÝ/About Us  
Èñ³Ñáë  
Úû¹áõ³ÍÝ»ñ  
Ú³õ»Éáõ³ÍÝ»ñ  
ÐáñǽáÝÇ 25-³Ù»³Û ÃÇõ»ñ¿Ý  
سÝϳå³ï³Ý»Ï³Ý  
¶ñ³Ï³Ý  
ä³ïÙáõû³Ý Ñ»ïù»ñáí  
ÎÝáç³Ï³Ý-²ëïÕ³·áõ߳Ϡ 
English-French Section  
Ò»éݳñÏÝ»ñ  
²ñËÇõ/Archive  
ÚÕáõÙÝ»ñ ϳå/Links  

/Horizon/ 2013-05-16 



ՀԱՅ ՀԵՐՈՍԸ, ԶՈՐ ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՆԱԽԸՆՏՐԷ ՄՈՌԱՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵԼ


ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ.- Բրիտանական The Independent թերթին մէջ Մայիս 12-ին, լոյս տեսած է Մերձաւոր Արեւելքի մասնագէտ լրագրող Ռապըրթ Ֆիսքի՝ վերոնշեալ խորագրով յօդուածը:
Ան կը գրէ, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակէն շեղելու համար հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը՝ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը ծրագրէ 2015 թուականին նշել 1915-ին Կալիպոլիի (Տարտանէլի նեղուցին) ճակատամարտին տարած յաղթանակի 100ամեակը: Թրքական իշխանութիւններու տրամադրութեան տակ դրուած գիտնականներ, գրեթէ բոլորովին նսեմացնելէ ետք հազարաւոր Արաբներու՝ այդ մարտերուն Թուրքերուն բերած նեցուկը, ներկայիս ալ կը փորձեն այնպէս մը ներկայացնել, թէ հայ հրետանաւոր սպայ, հարիւրապետ Սարգիս Թորոսեան, որ պարգեւատրուած է Կալիպոլիի ճակատամարտին ցուցաբերած խիզախութեան համար, կեղծած է իր կենսագրութիւնը: Մինչդեռ ծանօթ է, որ հարիւրապետ Սարգիս Թորոսեան ցուցաբերած խիզախութեան համար շքանշաններ ստացած է անձամբ Էնվէր փաշայէն, որ Ռազմական նախարար էր եւ Օսմանեան կայսրութեան ամենէն ազդեցիկ անձը:
Ապա, Ֆիսք կը պատմէ, թէ ծանօթ պատմագէտ Թանէր Աքչամ, փարատելու համար հրապարակ նետուած այս կասկածը, ԱՄՆ-ու մէջ փնտռած ու գտած է Թորոսեանի ընտանիքը, անոր թոռնուհիին հետ զննած է օսմանեան երկու շքանշանները: Անոնցմէ մէկուն վրայ նոյնիսկ յայտնաբերած են Էնվէրի կողմէ անձամբ դրուած ստորագրութիւնը:
«Մենք բոլորս տեղեակ ենք, որ Թուրքիա կը փափաքի անդամակցիլ Եւրոպական Միութեան: Բայց ինչպէ՞ս… երբ անցեալի նման, այսօր ալ կը հրաժարի ճանչնալէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը, ինչ որ կը բնորոշուի նաեւ արդէն շատոնց մահացած օսմանեան սպայ՝ Թորոսեանի վրայ գայթակղեցուցիչ յարձակումով: Որքան որ ալ Թուրքիոյ կառավարութիւնը 2015 թուականին հնչեցնէ Կալիպոլիի թմբուկները, Թորոսեանի ուրուականը պիտի շարունակէ շրջիլ 1915-ի ռազմադաշտերուն»,- կը գրէ բրիտանացի լրագրողը:
Թորոսեանի «Տարտանելէն մինչեւ Պաղեստին» յուշագրութիւնը առաջին անգամ հրատարակուած է 1947-ին՝ Պոսթընի մէջ: Պոլիսը գրաւելու միտումով Տարտանէլ ցամաքահանումի նախաձեռնած է Ուինսթըն Չըրչիլ: Սակայն ութամսեայ կռիւներէ ետք՝ անգլեւֆրանսական զօրքերը պարտուած ու հեռացած են 1916 Յունուարին: Պոլսոյ «Պիլկի» համալսարանի ընկերային գիտութիւններու դասախօս Այհան Աքթար «Տարտանելէն մինչեւ Պաղեստին» գիրքը ուսումնասիրած է հրատարակութենէն 20 տարի ետք եւ ապշած է ի տես հայ բնակչութիւնը բնաջնջելու Թուրքիոյ փորձին, մինչ հայ սպաները կռուած են օսմանեան բանակին մէջ:
Գիրքին մէջ, Թորոսեան կը պատմէ ոչ միայն Կալիպոլիի ճակատամարտին իր մասնակցութեան, այլեւ այն բոլոր ճակատամարտերուն մասին՝ մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտը, երբ ան արդէն իսկ գացած էր Սուրիոյ եւ Պաղեստինի ճակատները: Ապա, ան անցած է դաշնակիցներուն կողմը եւ պատերազմի աւարտէն յետոյ՝ ֆրանսական զօրքերուն հետ մուտք գործած է Կիլիկիա: Հոնկէ ալ մեկնած է ԱՄՆ, ուր մահացած է:
Ֆիսք կը գրէ նաեւ, թէ Փրոֆ. Աքթար տեսնելով, որ իր գործընկերները չեն փափաքիր ընդունիլ օսմանեան բանակի կազմին մէջ Հայոց ու Արաբներու մարտնչիլը, որոշած է Թորոսեանի գիրքը հրատարակել թրքերէնով: Գիրքին հրատարակութենէն յետոյ՝ «Սապանճը» համալսարանի փրոֆ. Հալիլ Պէրքթայ «Թարաֆ» թերթին մէջ 13 սիւնակ երկարութեամբ յաջորդական գրութիւններով փորձած է ապացուցել, որ գիրքը երեւակայութեան արդիւնք է, եւ Թորոսեան ալ ստախօս մըն է: Աքթարի կարծիքով՝ ատիկա «կերպարի սպանութիւն» է: Աքթար նաեւ նշած է, որ թէեւ Էնվէր փաշան տեղի նահանգապետերուն հրամայած էր չաքսորել սպաներու ընտանիքները, այնուամենայնիւ Թորոսեանի ընտանիքը աքսորուած է սուրիական անապատ: Օսմանեան բանակի աւելի ցած աստիճանի տէր զինուորականները նախ զինաթափուած են, ապա սպաննուած՝ ցեղասպանութեան շրջագիծին մէջ, որու ընթացքին թուրք զինուորները, ժանտարմները եւ անոնց քիւրտ ու չէրքէզ զինեալները կանոնաւորաբար բռնաբարած են կիները: Չըրչիլ այդ զանգուածային սպանութիւնները որակած է «հոլոքոսթ»:
Յօդուածագիրը յիշելով Աքչամի մէկ ալ վկայութիւնը՝ կը գրէ, թէ թուրք քննադատներէն մէկը, Թորոսեանի գիրքի թրքերէն հրատարակութեան առթիւ, նոյնիսկ յանդգնած է ըսել, թէ այդպիսի հայ սպայ գոյութիւն չէ ունեցած:
Այնուհետեւ, Ֆիսք կը յիշէ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլուի՝ երկու տարի առաջ Կալիպոլիի մէջ ունեցած այն ելոյթը, ուր ան բացատրած էր, թէ Թուրքիա ինչպէ՛ս կը պատրաստուի 2015 թուականին. «Մենք կը պատրաստուինք 2015ը ծանօթացնել համայն աշխարհին, բայց ոչ որպէս ցեղասպանութեան տարելից, ինչպէս կը պնդեն ոմանք, այլ որպէս ազգի փառաւոր դիմադրութեան, այլ կեպով ձեւաբանելով՝ Կալիպոլիի մեր պաշտպանութեան ոգեկոչումի տարին»:
Յօդուածագիրը կ՚եզրափակէ. «Այդպէսով, թրքական ազգայնականութիւնը կը պատրաստուի քանի մը տարիէն յաղթել պատմութեան: ANZAC-ի (բրիտանական զօրքերու կազմին մէջ օսմանեան բանակի դէմ կռուած Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի զօրքերու անուանումը) զոհուած վեթերաններու սերունդները, որոնք 2015ին պիտի այցելեն Կալիպոլի, պէտք է զիրենք հիւրընկալող Թուրքերուն հարց տան, թէ անոնք ինչո՞ւ չեն յարգեր այն քաջ Արաբներուն եւ Հայերուն, ի շարս որոնց՝ նաեւ Թորոսեանի յիշատակը, որոնք կռուած են Օսմանեան կայսրութեան կողքին»:
Յիշեցնենք, որ Սարգիս Թորոսեանի «Տարտանէլէն մինչեւ Պաղեստին» գիրքը վերջերս հրատարակուեցաւ նաեւ հայերէնով: Գիրքին մէջ Թորոսեան կը պատմէ, որ 1918-ին՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի վերջին փուլին, որոշած է վրէժ լուծել Թուրքերէն եւ Պաղեստինեան ճակատէն անցնիլ դաշնակիցներու կողմը, քանի որ մինչ այդ՝ հաւատարմօրէն ծառայած է Օսմանեան կայսրութեան, Տարտանէլի կռիւներուն աչքի զարկած է անգլեւֆրանսական ռազմանաւերու կործանումով, սակայն ատիկա արգելք չէ եղած, որ թրքական իշխանութիւնները աքսորեն իր ընտանիքը, որու ճամբուն վրայ զոհուած են իր ծնողները: Թորոսեան նաեւ կը հաւաստէ, որ 1915 թուականին անգլեւֆրանսական ռազմանաւերն ու ցամաքահանուած զօրքերը պարզապէս չփափաքեցան գրաւել Պոլիսը, չյառաջացան Տարտանէլէն դէպի Վոսփոր, որու միւս կողմն ալ կանգնած էր ռուսական նաւատորմը, որ իր կարգին պէտք է Սեւ ծովէն մտնէր Պոլիս: Թորոսեանի կարծիքով՝ Անգլիան եւ Ֆրանսան կը սարսափէին Պոլիսը Ռուսերուն յանձնելու միտքէն:



 ²Ûë µ³ÅÝÇÝ ÙÇõë ÝáñáõÃÇõÝÝ»ñÁ`

2013-05-16  ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինը Կը Դատապարտէ

2013-05-16  Ամուսնութիւն-Ամուսնալուծում

2013-05-16  Որբացածներու Լուսանկարներ

2013-05-16  ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐՔԵՐԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԽՄԲԱՐՈՒԻՆ

2013-05-16  Գիւղ Ուշի

2013-05-16  Անկախութեան ուխտապահներու ճանապարհով

2013-05-16  Թուրքիա միշտ անզիջող

2013-05-16  Պետրոս Ադամեան Թատերախումբ
Èñ³ù³Õ
2013.05.16
Ինչպէս ծանօթ է, Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով թրքական քրէական ատեանի մը որոշումը բեկանելու համար, Տինքի փաստաբանները դիմած էին Թուրքիոյ վճռաբեկ ատեան։ Ատեանը Չորեքշաբթի, Մայիս 15ին հրապարակեց իր վճիռը, ըստ որուն՝ Հրանդ Տինքի ամբաստանեալները ո՛չ թէ իբրեւ անհատներ իրականացուցած են մարդասպանութիւնը, այլ՝ «կազմակերպեալ յանցագործութիւն մը իրականացնելու նպատակով կազմուած զինեալ խումբ»ի մը անդամներ էին անոնք: Տինքի փաստաբանները մասամբ ողջունեցին այս որոշումը, որովհետեւ իրենք պահանջած էին, որ ատեանը «զինեալ ահաբեկչական կազմակերպութիւն» նկատէ Տինքը սպաննողներուն խումբը: Վճռաբեկ ատեանը նաեւ վաւերացուց մարդասպանին օժանդակած Եասին Հայալին խիստ պայմաններու տակ ցմահ բանտարկելու վճիռը՝ «ծրագրուած ոճրագործութիւն պատուիրելու» յանցանքով։ Վճռաբեկ ատեանի սոյն որոշումին շնորհիւ, կարելի պիտի ըլլայ դարձեալ դատել անպարտ արձակուած շարք մը ամբաստանեալներ:

Horizon TV LIVE
HorizonTv Logo
horizonarmeniantv.com





 ²ñËÇõ`


ÂÇõ